ՍՈՅԼՈՒԻ ԵՒ ՆՈՐ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի երեսփոխան Սիւլէյման Սոյլուն, որ փութացած էր ցաւակցութիւն յայտնելու տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի մահուան առթիւ։ Սիւլէյման Սոյլու, որ նախկին ներքին գործոց նախարարներէն է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վշտակցեցաւ եւ շեշտեց, որ փափաքած էր անձամբ արտայայտել բարոյական զօրակցութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, կարողութեան մաղթանքներ յղեց Սոյլուի գործունէութեան եւ յայտնեց, որ կ՚աղօթէ ընտանեկան յարկէ ներս երջանկութեան համար։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։

Բաց աստի, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Թուրքիոյ հրէից րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւին, որ վերջերս ստանձնած է առաքելութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ռաւ Սեւիին ընկերացաւ խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Րաբունապետը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւն յայտնեց տիրահօր մահուան կապակցութեամբ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Նորին Ամենապատուութիւնը մօտաւոր անցեալին Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ մասնակցած էր Ռաւ Սեւիի պաշտօնամուտի արարողութեան։ Երէկուան շփումն ալ նոր խախամապետի առաջին այցելութիւնը եղաւ Պատրիարքարան։ 

Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտեց իր շնորհակալութիւնը եւ կրկնեց խախամապետին ուղղեալ արեւշատութեան ու կարողութեան մաղթանքները՝ հրեայ համայնքի ղեկավարման առաքելութեան ճանապարհին։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2025