ԲԱԶՄԱԿԻ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄ
Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը այսօր կը սկսի. արդէն հրապարակուած է զեկոյց մը:
Արեւմուտքի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ հայեացքը նկատելիօրէն կը փոխուի: Ազատականութիւնը լուրջ փորձութեան դէմ յանդիման: Հաքան Ֆիտան, Նիկոլ Փաշինեան, Սուրէն Պապիկեան եւ Ճէյհուն Պայրամով եւս Գերմանիոյ մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Երեւան պիտի չտրուի սադրանքներու ու պիտի շարունակէ շինիչ տրամադրութեամբ բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ։
Ի. դարու հայ քնարերգութեան ու արձակի մեծագոյն անուններէն մէկն է Կոստան Զարեան, որու ծննդեան 140-ամեակը այս շրջանին կը նշուի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տարբեր ձեռնարկներով։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս բացուած է Սամուէլ Ղազարեանի «Արարման ուղին» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան
«Թուրքիա կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ժամ առաջ խաղաղութեան հաստատուիլը»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի պոլսահայ շրջանակները կը սգան Էտի Սարաֆօղլուի անժամանակ մահը։ 68 տարեկան հասակին անակնկալօրէն մահացած է Էտի Սարաֆօղլու, որու կորուստը ցնցած է բոլորը՝ մանաւանդ, որ ան եղած է շատ համակրելի ու յարգելի անձնաւորութիւն մը։
Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ ընդհատուած՝ ամենաբարձր մակարդակի շփումները վերահաստատուեցան. երէկուան հեռախօսազրոյցէն վերջ հորիզոնին ուրուագծուած է Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը՝ ամենայն հաւանականութեամբ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն համոզուած է, թէ Կազզէն դատարկ տարածք մը չէ։ Իր խօսքով՝ պէտք է յարգել Կազզէի բնակիչներուն՝ սեփական հողի վրայ ապրելու ձգտումը։
Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետի յայտարարութիւնները:
Յունաստանի խորհրդարանը երէկ ընտրեց երկրի նոր նախագահը, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ յաջորդ ամիս։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ Քոնստանդինոս Թասուլաս ընտրուեցաւ երկրի նոր նախագահը։