ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ
ՀՅԴ-ի 35-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կուսակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնները:
«Արցախը պէտք է ունենայ միջանկեալ կարգավիճակ եւ հայերը պէտք է վերադառնան միջազգային երաշխիքներով»:
ՀՅԴ-ի 35-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կուսակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնները:
«Արցախը պէտք է ունենայ միջանկեալ կարգավիճակ եւ հայերը պէտք է վերադառնան միջազգային երաշխիքներով»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, որ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի կողմէ։
Թուրքիոյ օրակարգը երէկ յեղաշրջուեցաւ Ապտուլլահ Էօճալանի պատմական ոճով, որով ան ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հրաւիրեց զինաթափման եւ ինքնալուծարման։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, դէպի Պուէնոս Այրէս աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, հիւրընկալուեցաւ Արժանթինի նախագահ Խաւիէր Միլէի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Թրամփ-Սթարմըր ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները բանակցութիւններ վարեցին Իսթանպուլի մէջ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութեան նախագահ Ֆրիտրիխ Մերցը, որու առաջնորդած քաղաքական ուժը շաբաթավերջի ընտրութենէն յաղթական դուրս եկաւ։
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման տնտեսական նշանակութեան վերաբերեալ ասուլիս մը։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ատենախօսները անդրադարձան ցամաքային սահմանի բացման հեռանկարներուն։
Միջազգային յարափոփոխ իրավիճակի պայմաններով՝ Անգարա երբեք անուշադրութեան չի մատներ Հարաւային Կավկասը:
Ֆիտան-Պոչորիշվիլի երէկուան հանդիպումէն վերջ շուտով Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներու տեսակցութիւն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուքրայնա կրնայ մոռնալ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ բիւրեղացնելով այն հաւանական զիջումները, որոնք Ռուսաստանին կրնան տրուիլ՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման համար։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ, գահասրահի երդիքին տակ շուրջ երկուքուկէս ժամ ուղիղ եթերով զրուցեց պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց նկատառման յանձնեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի թէժ օրակարգի գրեթէ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ մանրամասն խորհրդածութիւններ՝ ժողովրդագրական մռայլ հեռանկարներով պայմանաւորուած ահազանգային համայնապատկերին վրայ:
«Այսօրուան վարիչները տուեալ հաստատութիւնը մատակարարելու համար են, ո՛չ թէ համայնքը կառավարելու, անոնք ժողովուրդի ներկայացուցիչները չեն։ Հասարակաց կամք մը, միտք մը գոյութիւն չունի եւ մենք ի վիճակի չենք ապագայ ծրագրաւորելու։ Լուրջ հարցերու շուրջ կողմնորոշուելու համար կարիքն ունինք առարկայական տուեալներու շտեմարանի մը»: