ԻՆՔՆԱԼՈՒԾԱՐՈՒՄ
ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որոշեց ինքզինք լուծարել։ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին հասունցած խմորումներուն զուգահեռ՝ ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալան վերջերս համապատասխան կոչով մը հանդէս եկած էր, ՏԷՄ կուսակցութեան կողմէ համակարգուած գործընթացով մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա եւ Լեհաստան շաբաթավերջին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Ռուսաստանին կոչ ուղղեցին, որպէսզի երեսուն օրուան հրադադար մը հաստատուի Ուքրայնայի մէջ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին ձօնուած՝ 9 մայիսի նշանաւոր զինուորական տողանցքը։
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնակայանի դահլիճի երդիքին տակ, ուր հոծ թիւով երաժշտասէրներ ողջունեցին վարպետ արուեստագէտը։
Երէկ սկսաւ Վաքըֆներու շաբաթը, որուն զուգահեռ կը նշուի նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համագումարներու եւ մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Վաքըֆներու շաբթուան բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ թրքահայ համայնքային վարիչներ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը գտնուի Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին առթիւ, Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ աւանդական ու նշանաւոր զինուորական տողանցքը։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին երէկ երեկոյեան ժամերուն ընտրեց իր նոր քահանայապետը, որ կոչուեցաւ Լեւոն ԺԴ.։ Վատիկանի Ս. Աթոռի 267-րդ գահակալը ընտրուեցաւ Քոնքլաւի գումարման երկրորդ օրն իսկ։
Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը, որ մեծ յուզումով ընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Այսպէս, Տոլափտերէի «Քասափ Հուրշիտ» փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ վէճ մը ծագեցաւ Գամէր եւ Մուրատ Քարանֆիլեան եղբայրներուն միջեւ։