Լրահոս

ԱՅՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՎԱՐԱՆԴ (ՅԱԿՈԲ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս տարուան գարնան, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ դարաւոր օրաթերթի յարգարժան խմբագիրէն՝ տիար Արա Գօչունեանէն առաջարկ մը ստացայ՝ նոյն օրաթերթի բազմերախտ գրիչներէն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան արժանաւոր հոգեւոր սպասաւորներէն մէկուն՝ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի նոյն թերթին մէջ ցարդ հրապարակուած գրութիւններէն հատոր մը կազմելու համար՝ որպէս շնորհապարտութիւն հեղինակ տէր հօր երկար տարիներու վաստակին:

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԵԹՐՈՅԷՆ ՆԵՐՍ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. 28 ՎԻՐԱՒՈՐ

Նիւ Եորքի մեթրոյին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որու հետեւանքով 28 հոգի վիրաւորուեցաւ։ Պրուքլինի կայարանէն ներս առաւօտեան կանուխ ժամերուն տեղի ունեցաւ դէպքը։

ՄՏԱՀՈԳ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Փայլան միշտ հետամուտ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրներուն:
Ընդդիմադիր երեսփոխանը խորհրդարանէ ներս մասնաւորապէս օրակարգի վրայ բերաւ՝ նոր կանոնադրութեան նախագծին շուրջ լսումները ու այդ բոլորը կէտ առ կէտ յանձնեց նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի նկատառման:

ԵՒ ՈՒՂԻՂ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:
Միրզոյեան եւ Պայրամով կարծիքներ փոխանակեցին հաշտութեան բանակցութիւններու նախապատրաստման շուրջ:

«ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԷԿ-ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ԴՈՒՐՍ ԿՐՆԱՅ ՄՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԷՆ»

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նախկին ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ երկրէն ներս հետզհետէ ծաւալող հակառուսական տրամադրութիւններուն։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ իֆթարի սեղան մը կազմակերպեց քաղաքի զանազան շրջանակներէ ներկայացուցիչներուն համար։ «Չըրաղան»ի պալատէն ներս կազմակերպուած ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ։

ՄԱՔՐՈՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԻՆ

Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Սա առաջին փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկան երկրի այժմու ղեկավարը՝ Էմմանիւել Մաքրոն (27.6%) եւ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին լը Փեն (23.4%)։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԵԼ

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա պատրաստակամ չեն Ռուսաստանի հետ համագործակցելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով»:
Մոսկուա համոզուած է, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումով տարածաշրջանի մթնոլորտը կ՚առողջանայ:

Էջեր