ԹԵՀՐԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՋԱՆՔԵՐԸ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը։ Այսպէսով տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն Թեհրան պաշտօնապէս արձագանգած եղաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ նոր գործով մը։ Մօտաւոր անցեալին իր թողարկած ալպոմէն վերջ, այս անգամ Մարալ Այվազ «սինկըլ»ով մը կը ներկայանայ իր համակիրներուն։
Հայաստան կը ձգտի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վրայով բացուիլ դէպի արաբական երկիրներ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի այս առաւօտեան նիստին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին բանակցութիւններէն վերջ այս նիւթը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։
Նազըմ Հիքմէթի եւ Եաննիս Ռիցոսի թողած գրական աւանդի ներշնչանքով գեղարուեստական երեկոյթ:
Թուրքիոյ ամբողջ արեւելքին կը տիրապետէ խստաշունչ ձմեռը։ Լայն աշխարհագրութիւն մը սպիտակ քօղի տակ է։ Վերջին օրերուն առատ ձիւն տեղացած է Վանի եւ շրջակայքին մէջ։
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ նոր փորձի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը: Մոսկուայի քննարկումները տեւեցին շուրջ մէկուկէս ժամ եւ երեք մայրաքաղաքներն ալ անմիջապէս արձագանգեցին այս ժամադրութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր մօտաւոր անցեալին մահացած հրապարակագիր եւ իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին։ Լիբանանահայ Գրական շրջանակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրի գործադրումը սկսաւ Անի Քեսթենեան-Պասեթի ողջոյնի խօսքով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած լուրջ տագնապին վերաբերեալ ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ, որ անդունդի եզրին հասած թերթիս յարատեւման պայքարին զօրակցելու նպատակով ծաւալուն հարցազրոյց մը հրատարակեց մեր գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ: