ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ, ՆՈՐ ՓՈՐՁ
Անգարայէն եւ Երեւանէն դրական պատգամներ կը տրուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ, այս փուլին որեւէ խօսք կամ ակնարկութիւն չկայ Զանգեզուրի միջանցքի խնդրայարոյց օրակարգին շուրջ:
Թուրքիա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս թարմ մեկնարկ. այսօր յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի սպասուած առաջին ժամադրութիւնը Մոսկուայի մէջ:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը եւ Ղազախիստանի իրադարձութիւնները։
«Իրականութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մտաւորական ժառանգականութեան վառ օրինակ մըն է եւ Թուրքիայէ ներս հայերու ներկայութեան խորհրդանիշ»:
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին հերթական անգամ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Այս Ամանորին Սիպիլ հանդէս եկաւ «ARTI» հեռուստակայանէն։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ընդառաջ Միացեալ Նահանգներ սերտ կապ կը պահէ կողմերուն հետ:
Ատրպէյճան երէկ յետմիջօրէէն սկսեալ դարձեալ կրակ բացաւ Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ մահկանացուն կնքած է հայկական արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Ռազմիկ Դաւոյեան։ 81 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած է մեծանուն բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան, որու կորուստին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերաշխուժացման զուգահեռ շաբաթներէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման նիւթը։