Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ արդէն աստիճանաբար տեղ կը զբաղեցնէ նոր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը։ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ նոր նախագահը ընտրելու համար պիտի գործադրուի Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին բանտէն ազատ արձակել «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը։ Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանը երէկ Գորիսի մէջ հրապարակեց դատավճիռ, որու հիման վրայ Աշոտ Մինասեանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ։
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացման կապակցութեամբ՝ ներառեալ ռազմական համագործակցութիւնը։
«Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնը կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Ինչո՞վ հզօր է սրբավայր մը, ի՞նչ է ձգողականութեան գաղտնիքը։ Ճարտարապետական հմայքը՞, դիրքի հրապոյրը՞, առթած պատկառանքը՞... Այս բոլորը կրնան համախմբելու կարողութիւն տալ սրբավայրին, բայց այդքա՞ն միայն։
Հանրապետութեան նախագահը Չանքայայի ապարանքին մէջ ընդունեց Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխ-ատենապետը, որոնք այցելեցին Անգարա:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մասնաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ «Vlume»ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ ընդլայնելով այս մեծ թուային գրադարանը:
Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Աշտիանի երէկ Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացումը կարեւոր գործօն մըն է։
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան երբեք կասկածի տակ չէ դրած Թուրքիոյ հետ սահմանը եւ երբեք հայ դատը չէ որդեգրած՝ որպէս քաղաքականութիւն։ Տրամաբանական կ՚ըլլայ եթէ հասնինք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, բայց կարելի չէ կանխատեսել, թէ երբ»:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Աշտիանիի կողմէ։ Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ այս այցելութեան շուրջ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։