ՃՈՒՔԱՆՈՎԻՉ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Քարատաղի նախագահ Միլօ Ճուքանովիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի մայիսի 28-ի տօնական շրջանին թափ տալ իր բողոքի ալիքին:
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը սկսած է թողարկումներ ընել նաեւ սպաներէնով։ Սպաներէն թողարկումներու մեկնարկին առթիւ Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ կազմակերպուեցաւ յատուկ արարողութիւն մը։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի փոխ-տնօրէն նշանակուեցաւ Շողեր Մարկոսեան։ Այս կարգադրութեան վերաբերեալ հրապարակուած պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նորանշանակ փոխ-տնօրէն Շողեր Մարկոսեան հիմնարկի հետ 2018 թուականէն ի վեր կը գործակցէր՝ որպէս խորհրդատու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ 1970-ական թուականներուն պետական քարտուղարի պաշտօն զբաղեցուցած 98-ամեայ փորձառու գործիչը համոզուած է, թէ Ռուսաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու համար Ուքրայնա պէտք է հրաժարի իր տարածքի մէկ մասէն։
Երկիր մոլորակի ուղեծիր դուրս բերուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արբանեակը:
Եաիր Լափիտէն ջերմ պատգամներ. «Դիւանագիտութենէ անդին, մէկ խօսքով՝ Իսրայէլ կը սիրէ Թուրքիան»:
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին Թուրքիոյ կողմէ դրուած արգելքը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն ուշադրութեան առարկայ մնալ միջազգային բեմահարթակի վրայ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու երեսփոխաններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի համատեղ խորհրդարանական վեհաժողով մը ստեղծուի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի կողմէ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնը, երաժշտական կեանքէ ներս վերելքը հետզհետէ կ՚արժանանայ նաեւ միջազգային շրջանակներու ուշադրութեան։