ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը:
«Կոմիտաս» ազգային քառեակը, որ այս առաւօտ ուղիղ թռիչքով ժամանեց Երեւանէն, վաղը երեկոյեան համերգով մը հանդէս պիտի գայ CRR-ի երդիքին տակ: Յայտագրին պիտի մասնակցին նաեւ յայտնի դաշնակահարուհիներ Սելէն Կիւլիւն եւ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու:
Սահակ Սարգսեան կը հիւրընկալէ Իսթանպուլի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու բազմաթիւ ղեկավարներ կամ պաշտօնատարներ՝ ներառեալ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ դեսպան Սալիհ Մուրատ Թամէրը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութեան գիր մը տուած է այս կարեւոր ձեռնարկին առթիւ, որուն կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան:
Կարգադիր յանձնախումբը բծախնդրութեամբ յառաջ տարած է նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք թեւակոխած են այլեւս վերջին փուլը: Համայնքային շրջանակներէն մեծ հետաքրքրութիւն:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Սա ամբողջ աշխարհին կողմէ հետաքրքրութեամբ սպասուած ժամադրութիւն մըն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ մասնակցեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) ժողովին, ելոյթով մը հանդէս եկաւ նիստի բացման։ Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ելոյթի թրքերէն բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ տարեկան շրջանաւարտից արարողութիւնը։ Հաստատութեան արդէն 62-րդ ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Մշակոյթի ճանապարհ» ծրագրի շրջանակէն ներս:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բժիշկ Վարդգէս Պէյլէրեան։ Համայնքային շրջանակներէն ներս բօթը ստեղծեց խոր ցաւ՝ մանաւանդ, որ տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները վեց ամիս վերջ դարձեալ մէկտեղուեցան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ յաղթանակ տօնեց Իրլանտայի դիմաց։ ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի B ենթախումբէն ներս առաջին խումբի առաջին փուլի մրցումներէն մին էր այս մէկը։
Թոյվօ Քլաար Հայաստանի ղեկավարութեան հետ արժեւորեց Պրիւքսելի հանդիպման յաջորդած իրավիճակը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աշակերտներու օրհնութեան կարգ կատարեց՝ վաղուան լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ։