ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Նախագահներու հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին կը շարունակէ այլատեաց հռետորաբանութիւնը հայերու դէմ, կը խախտէ հրադադարը եւ կը հրաժարի ռազմագերիները վերադարձնելէ։
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի յամառ անհնազանդութիւններով:
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամներէն Յովհաննէս Պաչքով արդէն երրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը այս օրերուն կ՚ընթանայ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի «FlyOne Armenia» օդային ընկերութիւնը, որ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ կ՚իրականացնէ, ստացած է այլ ուղղութիւններով չուերթներու համար ալ Թուրքիոյ օդային մարզը օգտագործելու թոյլտուութիւնը։
Ատրպէյճանի կրակին հետեւանքով Հայաստանի բանակէն զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ: Երեւան լուրջ կասկածի տակ կը համարէ Պաքուի՝ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ անկեղծութիւնը:
Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Պէյօղլուի մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնը շաբաթավերջին սկսաւ հանդիսաւոր երեկոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի օփերայի դահլիճի բեմին վրայ։ Պէյօղլուի Զողրաֆիոն յունաց լիսէին կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիրը բնորոշեց փառատօնի սկիզբը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Ենիգիւղի մէջ։ Նախկին պոլսահայ արուեստագէտը թէեւ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է արտասահման, սակայն, պարբերաբար կը ներկայանայ մեր գեղարուեստասէրներուն։
Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ եւ համագործակցութեան ցանցը ընդլայնել՝ մեր համայնքի համեստ խաւերէ անդամներուն զօրակցելու առաջադրութեամբ։ Յանձնախումբը վերջերս Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ ունեցած է արդիւնաւէտ շփումներ, որոնց շնորհիւ օժանդակութեան արկղեր տրամադրուած են իրեն։