Լրահոս

«ՊԱՅՔԱՐ»Ի ՄԷՋ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ

Ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջին թիւին մէջ անդրադարձաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին. Երթուդարձի նօթեր» գիրքին։ Հայաստանի հեղինակաւոր մտաւորականներէն Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան գրախօսական մը ստորագրած է՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի պատասխանատու, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքին մասին։

ԳԱՒԱՌԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած՝ Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն վրայ, որոնց մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Կիրակի պատարագելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յառաջիկայ շաբթուան կէսին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը:

«ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԿՍԻԼԸ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ Է»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու յստակեցման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովին վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ

Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրապարակեց «Ապացուցուածը եւ անապացուցելին» խորագրեալ յօդուած մը՝ անդրադառնալով Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ ալեկոծումներուն:
«Առճակատումը ո՛չ թէ կ՚ուժեղացնէ, այլ աւելի կը թուլացնէ երկրի դիրքերը յառաջիկայ դժուարագոյն բանակցութիւններուն մէջ»:

ԶՕՐԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տքթ. Երուանդ Զօրեան, որ նաեւ հիմնադիրն է Հայկական համացանցային համալսարանին, մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած առցանց լսարանին։

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Երեւանի Սենեկային թատրոնէն ներս սկսած է ներկայացումներու շարք մը, որ թատերասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ «Քուլիսներու մէջ կամ թատրոնի անաթոմի» անուն թատերախաղին առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ նախընթաց օր՝ խանդավառութեան առիթ դառնալով գեղարուեստասէրներու մօտ։

ՊԱՐԸ՝ ՆՈՅՆ ԼԵԶՈՒՆ

29 ապրիլին ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի Համաշխարհային պարի օրը, որուն 1982 թուականին առաջին անգամ նախաձեռնուած է Պամաշխարհային պարի կոմիտէի կողմէ։ Այս տօնը ձօնուած է արդի պալէի հիմնադրին՝ Ժան-Ճորճ Նուվերի ծննդեան օրուան։

ՄՐՑԱՆԻՇԱՅԻՆ ԹԷՅ

Ճաբոնի կեդրոնական հատուածէն բերուած թէյի տերեւներու 1 քիլօկրամնոց ծրարը աճուրդով վաճառուած է 1.96 եէնով, որ կը համապատասխանէ շուրջ 15.5 հազար ամերիկեան տոլարի։ Ապրիլի 12-ին տեղի ունեցած է աճուրդը, որ բացարձակ մրցանիշ սահմանած է նմանատիպ աճուրդներու պատմութեան մէջ։

Էջեր