ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոններու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ռոպին ֆան Փույէնպրոքը, որուն ընկերացան «ՌԵՆՇԻՆ» քաղաքաշինական ներդրումային ընկերութեան հիմնադիր Էտուարտ Մարութեան եւ տնօրէն Լեւոն Գասպարով։
Նախագահ Էրտողան ազդարարեց. «Շուէտ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու թուխսի կեդրոնն է»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պրիւքսել, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները Եւրոմիութեան կարգ մը պաշտօնատարներու հետ։ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է նաեւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստը։
Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը այսօր հաղորդած է, որ անցեալ փետրուարի երկրորդ կէսին հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի միջեւ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ՝ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ «Դիմադրութիւն» անուան տակ սկսած բողոքի շարժումը կը շարունակէ ամբողջ թափով։ Իրերայաջորդ հանրահաւաքներէ եւ երթերէ վերջ, այս առաւօտ ընդդիմութեան անհնազանդութեան ցոյցերն ալ դարձեալ սաստկացան՝ մանաւանդ Երեւանի կեդրոնին մէջ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս մեծարուեցաւ բազմամեայ համայնքային գործիչ Նուպար Քիւփելեան։ 120-րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ Նուպար Քիւփելեանի մեծարանքը։
Էրտողան եւ Ալիեւ շաբաթավերջին մասնակցեցան Արդուին-Ռիզէի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի մեծ ցոյցերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի զանազան քաղաքներէն ներս։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որդեգրուած քաղաքականութիւնը կ՚ենթարկուի շատ սուր քննադատութեան։