ԹԵՀՐԱՆ ԴԷՄ Է ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՁԳՁԳՄԱՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացի երկարաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան աճի։
Այսօր, Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը։
Մենհեթթընի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն սարսափելի դէպք մը պատահեցաւ, ինչ որ ամբողջ աշխարհէ ներս արձագանգ գտաւ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ մաքսատուրքերու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացաւ։ Առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումով Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ առ այժմ կանխուեցաւ մաքսի տագնապը։
Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կը ծաւալուին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան՝ մանաւանդ Կազզէի ողբերութեան շուրջ։ Անգարայի եւ Փարիզի դիրքորոշումները հետզհետէ կը դառնան իրերանման եւ այս մթնոլորտին մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ նշեց, որ իր երկիրը կը փափաքի, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջ դնէ Ատրպէյճանի դէմ բոլոր տարածքային պահանջներուն՝ Սահմանադրութեան համապատասխան փոփոխութիւններու միջոցաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երկու վարչապետներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ալթայի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան բնապահպանման համաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Ռուսաստանի տանտիրութեամբ։
Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը:
Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ամենահեղինակաւոր գինիի մրցոյթներէն մին։ Այսպէս, վերջին տարիներուն Երեւանի Գինիի փառատօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ կը հանդիսանայ եւ արդէն դարձած է աւանդական։