ՏՈՂԵՐՈՒ ԱՐԱՆՔԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Սոչիի մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմանի գագաթաժողովին առընթեր, երէկ բանակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Միրզոյեանի, Լաւրովի եւ Պայրամովի միջեւ:
Ըստ Քրեմլինի, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքը կը շարունակուի:
«Չհամաձայնեցուած հարցերը շատ նուրբ եւ զգայուն են Երեւանի եւ Պաքուի տեսակէտէ։ Հայաստան-Ատրպէյճան ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ըլլայ փոխադարձ զիջման արդիւնք»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան։ Սոչիի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ ան ուղղուեցաւ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։
Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւ եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վ. Վ. Փութին 2022 թուականի հոկտեմբերի 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի, 2021 թուականի յունուարի 11-ի եւ նոյեմբերի 26-ի եռակողմանի յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր ժամադրուած են Սոչիի մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի ոսկերիչ-ադամանդագործ Սեւան Պըչաքճը դասուած է Հանրապետութեան նախագահութեան 2022 թուականի մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ պարգեւներու դափնեկիրներու շարքին։
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորականին ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ Սուրբ Քաղաքի պատմութեան երեսակներուն վրայ:
Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր «Mamut Art Project»ին վրայ, որ տեղի ունեցաւ «Yapı-Kredi Bomontiada»ի համալիրէն ներս։ Այս ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքները ղեկավարուած են մեր համայնքէն Սէրտա Արսլանի կողմէ։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 99 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։
Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը համախմբած է յիսուն երկրէ շուրջ վեց հարիւր մասնակից: