ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԷ՝ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԿԱՐՕՏՈՎ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 84-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն երկու տարի անց:
«Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Համագայինի Երեւանի մասնաճիւղի թատերախումբը կը մատուցէ ներկայացումներու նոր շարք մը:
Կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսակէտէ, ունի ինչպէ՛ս շատ հետաքրքրական դրսեւորումներ, այնպէս ալ բանաձեւումներ։ Տարբեր արժեհամակարգերու մօտեցումները երբեմն այնպէս մը կը համընկնին, որ զիրար ո՛չ միայն կը լրացնեն, այլեւ կը հաստատեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
«Պլէր հաուզ»ի մէջ, Ուաշինկթըն, երէկուան քննարկումներուն ժամանակ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով պայմանաւորուեցան՝ թափ տալ իրենց բանակցութիւններուն եւ յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ հանդիպիլ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան եւ իր գործակից ընկերները։