ԱՊԱԳԱՅԱՏԵՍԻԼ ՍՓԻՒՌՔԸ
Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան կեանքը բարեփոխելու եւ վերակազմակերպելու ուղղեալ որոնումներու պարունակին մէջ առաջարկուած գործնական ծրագիր մը:
«Համոզիչ եւ արդար է, որ ազգային տեսական բարձրագոչ լոզունգները ընդհանրապէս ժամանակի հոսանքին հետ անիմաստ կը դառնան, եթէ չգործնականացուին իմաստալից ծրագիրներով»:
Հայաստանի Դիւանագիտութեան դպրոցի 2022 թուականի շրջանաւարտները նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութեամբ ստացան իրենց վկայականները։ Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Ապտուլլահ Շահիտին, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէր Երեւան։
Արարատ Միրզոյեան եւ Իկոր Խովայեւ անդրադարձան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ երաշխաւորուած Արցախով հանդերձ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան սահմանային բախումներուն կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 17 վայրկեան։ Սա երկու ղեկավարներու արդէն հինգերորդ հեռախօսազրոյցն էր։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին արդէն ժամադրուած են հերթական անգամ։ Օգոստոսի 5-ին անոնք պիտի տեսակցին Սոչիի մէջ։
ԱՄՆ կը ջանայ օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը աւարտեց դէպի Չեխիա աշխատանքային այցելութիւնը:
Քուէյթահայ գործարար եւ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեան այս շրջանին կ՚այցելէ Երեւան, ուր «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ան հայ իրականութենէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ այդ ամբողջին մէջ սկիզբ դրած է «Գնեցէ՛ք Հայաստանէն» նախաձեռնութեան։