ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՍՈՒԼԻՍ
Միւնիխի 59-րդ անվտանգութեան համաժողովի շրջանակէն ներս անդրադարձ՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն:
Փաշինեան, Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ խօսեցան «Շարժե՞լ սարերը. անվտանգութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթին շուրջ:
Միւնիխի 59-րդ անվտանգութեան համաժողովի շրջանակէն ներս անդրադարձ՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն:
Փաշինեան, Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ խօսեցան «Շարժե՞լ սարերը. անվտանգութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթին շուրջ:
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը, որ այս տարի 59-րդ անգամ կազմակերպուած է, այսօր կը մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է՝ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է պահու հրատապ առաջնահերթութեան վրայ՝ օգնութիւն փութացնելու համար աղէտեալներուն:
Պատրիարքական աթոռը կը ջանայ ընտրանքներ ստեղծել մեր համայնքի գաւառաբնակ անդամներուն համար, որպէսզի կարողանան կողմնորոշուիլ իրենց ապագայի ճանապարհին վրայ՝ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին ներքեւ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը կը պատրաստուի օժանդակութեան կոչ ուղղել համայն աշխարհի հայութեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած ողբերգական իրավիճակին մէջ դրսեւորուած մարդասիրական մօտեցումը նոր նախադրեալներ կը ստեղծէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առումով: Միջազգային դրական արձագանգ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան երէկ ունեցան առանձնազրոյց մը, յետոյ պատուիրակութիւններու ձեւաչափով բանակցութիւններ վարեցին, հուսկ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը: Նախարարներուն կողքին էին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան, որոնք մէկտեղուեցան շուրջ կէս տարուան ընդհատումէ մը վերջ:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ի յայտ կու գան հետզհետէ աւելի շօշափելի ծրագրեր. դէպի սահման ճանապարհներու վերաբերեալ քայլերու արագացում, Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերանորոգում:
Երկրաշարժէն վերջ Հայաստանէն Թուրքիա եկած փրկարարներու խումբը արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը աղէտի գօտիին մէջ։ Հայ փրկարարներու ջոկատը աւելի քան շաբաթէ մը ի վերջ աշխատած էր Ատըեամանի մէջ։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ, կանուխ առաւօտեան աղջիկս հեռաւոր Ամերիկայէն առաջինը իմացուց ինծի՝ պատահած աղէտալի երկրաշարժին մասին։ Թուրքիա եւ Սուրիա բախտակից եղան՝ բաժնելով այդ կործանիչ հարուածը, ներառեալ իմ երբեմնի հարազատ բնօրրանս՝ Հալէպ քաղաքը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան այցելած էր նաեւ Երեւան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը։ Կը հաղորդուի, որ հիւր նախարարին այցելութիւնը ունէր զօրակցութեան բնոյթ՝ երկիրը ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ:
Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արդէն գերազանցած է 31 հազարը։ Երկրէն ներս ստեղծուած ողբերգական իրավիճակին մէջ միակ մխիթարութիւնը փրկարարներու աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ։