ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ
Իսթիքլալ պողոտային վրայ երէկ տեղի ունեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խլեց 6 մարդու կեանք, կայ 81 վիրաւոր:
Ռումբը թողած անձը արդէն հսկողութեան տակ: Նախագահ Էրտողան վճռակամ ազդարարութիւններով յայտարարեց, որ դէպքը պիտի բացայայտուի:
Պէյօղլուի ցնցիչ իրադարձութեան բերումով համայն աշխարհ կը զօրակցի Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով:
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Պէյօղլուի մէջ երէկ պատահած պայթումին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ վշտակցութիւն յայտնելով զոհուածներուն համար։
Վերացականի, առարկայականի եւ զգացականի հատման կէտին ամէն ինչ շատ բարդ է, որովհետեւ կը հասնի ենթակայականի եզրին։ Նոյն երեւոյթին ո՛չ միայն ընկալումները, այլեւ սահմանումները կը դառնան փոփոխական։
«Ես չեմ երաշխաւորեր, որ հարցերը պիտի լուծուին, բայց խօսակցութիւնը սկսած է, կը զարգանայ, կանգ չէ առած»:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ երեկոյեան կառավարութեան պաշտօնական ընդունարանին մէջ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սամարղանտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«Եթէ ոեւէ մէկը կը մտածէ, թէ խաղաղութեան օրակարգը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խաղաղ ոչնչացումն է, չարաչար կը սխալի»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ ուշ երեկոյեան զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։
Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Ժամանակի անիւը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, նկարիչ Մոնի Յովսէփեան առաջին անգամ ներկայացուց տասն տարուան ընթացքին ստեղծած աշխատանքները։ Այսպէս, կրաֆիք-նկարիչ Մոնի Յովսէփեան «Ժամանակի անիւը» անհատական ցուցահանդէսին առաջին անգամ արուեստասէրներուն կը ներկայացնէ իր տասն տարուան ընթացքին ստեղծած շերտակտաւները (քիւիլթի):