ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ անցանք Մեծ պահքի նուիրական շրջանէն ու հասանք Աւագ շաբթուան սեմին։ Մեծ պահքը յիրաւի նուիրական շրջան է, որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։
Երեւանէն միշտ զգուշացումներ. Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ:
Հեղինակաւոր ձեռագրագէտին ցաւալի մահը՝ անփոխարինելի կորուստ մը հայ գիտական աշխարհին համար:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Երկու նախարարները առանձնազրոյցէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Աշխարհը ձեւաւորող կիներ» նախաձեռնութիւնը:
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Սա առաջին հայեացքով լուսանկարչական ցուցահանդէս մըն է, սակայն իր բնոյթով նաեւ հայկական մարմնամարզի պատմութեան տեսակէտէ կարեւոր է, որովհետեւ ներկայացուած տեսանիւթերը արխիւային մեծ արժէք կը ներկայացնեն։
Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը այս առթիւ անդրադարձաւ Պաքուէն իրերայաջորդ հնչած հրաւէրներուն, որպէսզի Արցախի ներկայացուցիչները Ատրպէյճան մեկնելով բանակցութիւններ վարեն։
Վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ 2023 թուականի շարունակութեան համար ծանր կանխատեսումներ ունի Երեւանի տեսակէտէ: