Լրահոս

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա։ Այսպէս, Վիսպատէնի մէջ, Հեսսէնի տեղական խորհրդարանէն ներս հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին կը շնորհուի Հեսսէի խաղաղութեան մրցանակը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն համար։

ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ։ Միջազգային լրահոսին մէջ լայն ուշադրութեան արժանացաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան Փեքին-Թեհրան օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։

Էջեր