ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՆԹԱԼԻԱ ԿՈՒ ԳԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ յառաջիկային Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Երեւան, Ուաշինկթըն եւ Պաքու թեքնիք աշխատանքային խումբ ստեղծած են TRIPP նախագիծը կեանքի կոչելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Պրենտըն Հանրահան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամետով յայտարարեցին TRIPP-ի բազմամոտէլ տարանցիկ ուղիի յառաջ մղման նպատակով եռակողմանի թեքնիք ծրագրաւորման խումբի մը աշխատանքներուն սկիզբի մասին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի հերթական անգամ այցելել Թուրքիա։ Երէկ, կառավարութեան ժողովէն վերջ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ մասնակցիլ «COP-31» համաժողովին, որ 9-20 նոյեմբերին նախատեսուած է Անթալիոյ մէջ, Թուրքիոյ հիւրընկալմամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայաստանի Հանրային ռատիոն այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այս կարեւոր յոբելեանին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ մետիայի միջազգային խորհրդաժողով մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
120-ամեակի յոբելենական հանգրուան. Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 98-րդ ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Մոնրէալի մէջ, Գանատա:
Երէկ, Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի լարուածութիւններու եւ պառակտումներու առկայ համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ զգայացունց նոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, ձերբակալուեցաւ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան, որու առաջնորդած քաղաքական ուժը՝ «Հզօր Հայաստան» կուսակցութիւնը ներկայիս Ազգային ժողովէն ներս կը զբաղեցնէ գլխաւոր ընդդիմադիրի դիրքը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած մասնակի ընտրութեան արդիւնքները այս օրերուն կը բնորոշեն միջազգային քաղաքական օրակարգը։ Այսպէս, ԱՄՆ-է ներս մասնակի ընտրութիւնները մեծ յուսախաբութեան մը համազօր եղան Հանրապետական կուսակցութեան տեսակէտէ, որ կրեց ծանր պարտութիւն մը։