ՊՐԻՒՔՍԷԼԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ որոշակի նշաններ կը տեսնէ, ըստ որոնց՝ Երեւանի եւ Պրիւքսէլի ակնկալութիւնները կրնան համընկնիլ։ 

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ «Եւրոմիութեան ընդլայնման գագաթաժողով 2026» խորագրեալ հաւաքոյթին, որ կազմակերպուած էր «Euronews» հեռուստաընկերութեան կողմէ։ «Կը տեսնեմ որոշակի նշաններ, ըստ որոնց՝ մի գուցէ, Եւրոմիութեան մէջ ընդլայնուելու հարցին շուրջ ուժեղ քաղաքական կամք կայ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան ակնկալութիւնները կրնան համընկնիլ», յայտնեց Փաշինեան։

Վարչապետ Փաշինեան ելոյթին մէջ անդրադարձաւ, թէ Հայաստան այս պահուն ո՞ր կէտին վրայ կը գտնուի Եւրոմիութեան հաւանական անդամակցութեան ճանապարհին։ Ան ըսաւ.

«2025 թուականի մարտին մենք ընդունեցինք օրէնք մը Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացի սկիզբի մասին։ Հիմա այդ օրէնքը ի զօրու է Հայաստանի մէջ։ Մեր առաջին մտադրութիւնն էր այլընտրանք ստեղծել Հայաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդին համար, որովհետեւ աւանդաբար մեր հասարակութեան եւ, մի գուցէ, հարեւանութեան ընկալումը եղած էր այն, որ Հայաստան այլընտրանք չունի։ Շատ բարդ եւ ոչ այնքան յարմարաւէտ իրավիճակ մըն է, երբ ընդհանուր ընկալում կայ, թէ ոեւէ մէկու համար այլըտրանք չկայ։ Այսպէսով մեր առաջնային նպատակն է ստեղծել այլընտրանք մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար։ Բայց, գիտէք՝ մենք վերջերս որոշ լաւ լուրեր կը ստանանք Եւրոմիութեան մէջ։ Ասկէ առաջ երկմտանք կար, թէ արդեօք Եւրոմիութիւնը կը փափաքի՞ ընդլայնուիլ։ Հիմա, սակայն, մենք կը տեսնենք որոշակի նշաններ, ըստ որոնց՝ մի գուցէ, Եւրոմիութեան մէջ ընդլայնուելու հարցին շուրջ կայ ուժեղ քաղաքական կամք։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան ակնկալութիւնները կրնան համընկնիլ։ Սա է իմ գնահատականը ներկայ իրավիճակին շուրջ»։ 

Պրիւքսէլի հաւաքոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ դէպի Եւրոմիութիւն երթալու որոշումը ունի եւս մէկ պատճառ։ «Եւրոպական ուղղութեամբ մեր քաղաքականութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ մենք կը փափաքինք պաշտպանել մեր ժողովրդավարութիւնը, խորացնել մեր ժողովրդավարական բարեփոխումները եւ ժողովրդավարութիւնը դարձնել կայուն եւ հաստատութենական։ Հայաստանի անկախութեան ամբողջ շրջանին Եւրոմիութիւնը եղած է հիմնական գործընկերներէն մէկը ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման հարցին մէջ։ Եթէ դուն ժողովրդավարական երկիր ես, դուն կը փափաքիս ըլլալ ժողովրդավարական ակումբ, որովհետեւ կան շատ բաներ քննարկելու, իմանալու, որոշելու եւ բաժնելու», ընդգծեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2026