Լրահոս

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Մեծարգոյ Տիկին Նատիա Գօչունեան,
Ընդունեցէ՛ք իմ ջերմագոյն շնորհաւորանքներն ու անկեղծ բարեմաղթանքները Ձեր ծննդեան 75-ամեայ յոբելեանի եւ խմբագրական գործունէութեան 45-ամեակի առթիւ։ 

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Մեծայարգ Տիար Գօչունեան,
Արշակ Չօպանեան Մշակութային միութիւնը շնորհակալութեամբ ստանալով «Ծաղիկ» եւ «Աղթամար» գրական թերթերու խմբագրութեանց ուղարկուած Ձեր հրաւէրը՝ սրտի անխառն բերկրանքով վերահասու եղաւ ազնուափայլ տիկին Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ ընդունելութիւն-ընթրիք սարքելու եւ մեծարգոյ յոբելեարը մեծարելու ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի նախաձեռնութեան։

ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը կը հիւրընկալէ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետը:
Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Լեւոն ԺԴ. Պապը մէկտեղուեցան Փարիզի մէջ: Էլիզէի պալատի պաշտօնական հանդիսաւոր ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ տեղւոյն թեմակալ առաջնորդը՝ Տ. Գրիգոր եպսկ. Խաչատրեան:

«ՍԵՒ ԵՒ ՍՊԻՏԱԿԻ ԼՈՅՍԸ»

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած «Սեւ եւ սպիտակի լոյսը» խորագրեալ ցուցահանդէսը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ համախմբեց լուսանկարչութեան ոլորտի ներկայացուցիչներն ու համակիրները։

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի բացման փուլին հաստատեց Էրտողանի նախօրէի խօսքերը. «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը յառաջ կը մղուի վճռականօրէն»:
Վարչապետը կարգաւորման ջանքերու պայմաններով Նիւ Եորքի մէջ յայտնեց, որ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն հաստատուած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ:
Պաքուի գերիներու եւ պատանդներու խնդիրը միշտ այժմէական: Տարածաշրջանային կայունութեան ու զարգացման ուղղութեամբ իր բաժին ներդրումը հայկական կողմը կը համարէ միջազգային խաղաղութեան, կայունութեան ու զարգացման համար իր առանցքային ընելիքը:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԻՆՆԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի մէջ յարձակման ենթարկուած է իննամեայ հայ պատանի մը։ Դժբախտաբար այս ցաւալի դէպքին վերաբերեալ հարցաքննութիւնը փակուած է՝ առանց որեւէ ձերբակալութեան։

ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ԶՐՈՅՑ

Անգարա եւ Երեւան պատրաստակամութիւն կը յայտնեն նոր ազդակ հաղորդելու յարաբերութիւններուն:
Էրտողան եւ Փաշինեան Նիւ Եորքի երէկուան կարեւոր հանդիպման ընթացքին անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի յառաջ մղման:
Նախագահն ու վարչապետը կանգ առին տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման անհրաժեշտութեան վրայ:

Էջեր