ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Այսօր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՚ունենայ մասնակի ընտրութիւն, որ երկար ատենէ ի վեր կը զբաղեցնէր համաշխարհային օրակարգը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տունը, որ 435 աթոռէ կը բաղկանայ, պիտի վերանորոգուի ամբողջութեամբ։ Ծերակոյտի պարագային ալ հարիւր ծերակուտականէ երեսունհինգը պիտի նորոգուի։
Ներկայիս ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի մեծամասնութիւն։ Սպիտակ տունը հետամուտ է, որպէսզի այդ պատկերը չփոխուի։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ մասնակի ընտրութեան ընդառաջ պատգամները կեդրոնացուց այս նպատակին վրայ։
Ցարդ, 53 միլիոն ընտրող արդէն քուէարկած է՝ վաղահաս քուէարկութեան շրջանակներէն ներս։
Հարցախոյզները թէեւ առայժմ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը աւելի նպաստաւոր դիրքի վրայ ցոյց կու տան, սակայն, բոլորին ծանօթ է, որ արդիւնքները միշտ ալ կրնան չհամապատասխանել այդպիսի կանխատեսումներու։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ մասնակի ընտրութեան ընդառաջ ԱՄՆ հերթական անգամ ռմբակոծեց Իրանը։ Իր կարգին, Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչը Սթիւ Ուիթքոֆ տեղեկացուց, որ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ բանակցութիւններու համար նոր թուականը արդէն յայտնի է։