ՆԵՐՈՒԺԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի արդիականացման աշխատանքները, որոնք որոշ ժամանակէ մը ի վեր ընթացքի մէջ էին, արդէն հասած են իրենց աւարտին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի երկաթուղիներու ղեկավար Ռէօվշէն Ռիւստեմով յայտնեց, որ երկաթուղին արդիականացուելու առընթեր ընդարձակուած է։ Այսպէսով, սոյն ուղղութեան վրայ տարեկան բեռնափոխադրումներու ներուժը 1 միլիոն թոնէն բարձրացած է 5 միլիոն թոնի։

Ռիւստեմովի բացատրութիւններով, Չինաստանի եւ Միջին Ասիոյ երկիրներու ապրանքներուն ցամաքի ճամբով Ատրպէյճանի վրայով դէպի Եւրոպա փոխադրութեան տեսակէտէ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ «Այս երկաթուղիի՝ Վրաստանի 184 քիլօմեթր երկարութեամբ հատուածի վերանորոգման, վերակառուցման եւ ընդլայնման աշխատանքները աւարտած են։ Մայիսի 20-ին պիտի վերսկսին բեռնափոխադրումները», ըսաւ ան։

Ռիւստեմով ընդգծեց, որ այս արդիականացման ծրագրի հիմնական նպատակը եղած է միջին միջանցքի պարագային մրցունակութիւնը բարձրացնել եւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին այդ միջանցքի հիմնական ուղղութիւններէն մէկը դարձնել։ Ռիւստեմով յիշեցուց, որ այդ նպատակը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ որդեգրուած էր եւ համապատասխան աշխատանքները սկսած էին անցեալ տարի։ Այժմ, այդ բոլորը աւարտած են եւ արդէն բեռնափոխադրումները վերսկսելու վրայ են։

«Վերանորոգեալ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս ուղղութիւնը պիտի ապահովէ եղբայրական Թուրքիոյ հետ մեր ուղղակի երկաթուղիի կապը ու պիտի նպաստէ մեր երկիրներուն միջեւ բեռնափոխադրումներու ծաւալի աճին», եզրափակեց ան։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024