ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։
Ռուսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ ու գիտնական հայազգի Արթուր Չիլինկեարով 84 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն։ 1938 թուականին ան Լենինկրատի մէջ ծնած էր, հայրն էր Նիքոլայ Չիլինկեարեան:
Պաքուէն երէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը բերնով հերթական անգամ հնչեց, թէ Երեւանի հետ խաղաղութիւնը մօտ է։ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Պաքուի մէջ կազմակերպուած ականազերծման նիւթի մը վերաբերեալ համաժողովի մը ընթացքին։
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն Փրակի մէջ արժեւորեցին Կովկասի տարածաշրջանային հեռանկարները:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնը:
Անգարա-Պաքու համագործակցութեան առանցքին մնալ կը շարունակէ ուժանիւթի ոլորտը։ Վերջերս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ բնական կազի գծով համագործակցութեան նոր համաձայնագիր մը։
Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 9-րդ խորհրդաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Լոս Անճելըսի պոլսահայ միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ձկնորսներու խրախճանք» մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Շուրջ 150 հոգի համախմբուեցաւ ընթրիքի սեղաններուն շուրջ, մինչ ճաշացուցակը պատրաստուած էր ծովային ճոխ տեսականիով։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միշտ լարուածութիւն. ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքը «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման ցուցարարներուն դէմ պաշտպանութեան տակ առաւ այս առաւօտեան նիստէն առաջ: