ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐԿԷՅ ՔՈՓԻՐՔԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԱՆՉՈՒԱԾ
Հայաստան-Ռուսաստան առանցքին վրայ կուտակուած տարակարծութիւններու առկայ մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Այսպէս, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին խորհրդակցութիւններու համար կանչուեցաւ Մոսկուա։
Ուաշինկթըն Երեւանի եւ Պաքուի հետ կանոնաւոր կապ կը պահէ՝ հաշտութեան գործընթացի պայմաններով:
Նախկին վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու, որ ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր «Gelecek» կուսակցութիւնը, յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։
«ԱՄՆ կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի խնդիրները՝ պարզելու համար իր աջակցութեան ամրապնդումը»:
«Պոմոնթիատա» համալիրին մէջ երէկ բացուեցաւ «Mamut Art Project» ծաւալուն ցուցահանդէսը, որ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած է։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ նաեւ Քաթարի ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Ան կը մասնակցի Տոհայի Համաշխարհային անվտանգութեան ֆորումին, որու ծիրէն ներս այլ երկկողմանի յարաբերութիւններ ալ կ՚ունենայ։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներուն միջեւ հերթական քննարկում:
«Արդար ու կայուն խաղաղութիւնը նոր պայմաններ կը ստեղծէ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի տեսակէտէ»:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան տեղեկացուց, որ Գալֆաեան տան ապագային համար արմատական կարգադրութիւններ կը նախատեսուին։ Շաբաթավերջի Հոգեգալուստի տօնակատարութիւններուն ժամանակ ան յայտնեց, որ Գալֆաեան տան պիւտճէն այս տարի շուրջ 5.5 միլիոն թրքական լիրայով բաց մնացած է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մը։