ԴԻԼԻՋԱՆԷՆ ՎԵՐՋ ՍԱՀՄԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երկար ժամանակ անց դրական եւ յուսադրիչ իրադարձութիւն մը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրը։ Էլիզէի պալատին մէջ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերբեռնելու հնարաւորութիւնը։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։
Մինչ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական, երկու երկիրները կը վերաբանաձեւեն իրենց դիրքորոշումները։ Անգարայէն եւ Դամասկոսէն կը հնչեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, որոնցմով կողմերը յարափոփոխ իրավիճակի մէջ կը մատնանշեն իրենց առաջնահերթութիւնները։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթին համար նիւթ կը պատրաստուի՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը, որ զուգադիպեցաւ 2024-2025 կրթական շրջանի բացման փուլին։ Մասնագիտական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր, որոնք ուղղութիւն կու տան պոլսահայ կրթական կեանքին ու կը կառավարեն դպրոցական ցանցը։
Ֆիտան կը մասնակցի ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հաւաքին:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ծանօթ է, որ Փութին վերջերս պետական այցելութիւն մը տուած էր Պաքու, ուրկէ վերադարձին կապ հաստատած էր նաեւ Երեւանի հետ։