ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ սաստիկ պատերազմի մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային ուղեւորութիւն մը։ Շփումներու առաջին փուլին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ տեսակցելէ վերջ, Էնթընի Պլինքըն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։