ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին Արցախէն դէպի Հայաստան տարհանումը արդէն սկսաւ գործնականօրէն։ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան «Reuters» գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերը կը մեկնին Հայաստան, որովհետեւ չեն փափաքիր ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ու կը վախնան էթնիք զտումներէ։