ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԱՅՍՕՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆՈՒԱԳԷ ՀԱՅ ԿԻՆ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր Նիւ Եորքի մէջ հանդէս կու գայ յատկանշական ելոյթով մը։ Ձեռնարկը նախատեսուած է Նիւ Եորքի՝ «National Arts Club»ի երդիքին տակ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ այս ամառ ահաբեկչութիւնը պիտի վերջանայ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգլիոյ բանուորական կուսակցութիւններէն Տէյվիտ Լեմին։ Այս վերջինը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան «ստուերային արտաքին գործոց նախարարը»։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Չանաքքալէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Ենիճէ գաւառակին մէջ։ Ժամը 21.38-ին պատահեցաւ շարժը, որու սաստկութիւնը կազմեց՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.9։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսիի կողմէ։
Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի 17-20-ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2022 թուականին։ Սա կը կազմակերպուի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան Անթալիայի երրորդ Դիւանագիտական ֆորումին ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը:
Անգարա եւ Երեւան վերահաստատեցին յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ճաբոնի աւագ հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։