Լրահոս

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ շաբաթավերջին պաշտօնապէս հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւն մը։

«ՔԵԶ ՀԱՄԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց իր հերթական նուիրահաւաքման արշաւը։ «Քեզ համար Հայաստան» կարգախօսով կազմակերպուած այս տարուան մարաթոնի արդիւնքով հանգանակուեցաւ 8 միլիոն 400 հազար ամերիկեան տոլար։

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՐԿՆԵՑ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ»Ի ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկարաշունչ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով թէ՛ երկրի քաղաքացիներու եւ թէ սփիւռքահայերու բազմաթիւ հարցումներուն։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին Հայաստան պիտի փորձէ պարզաբանումներ ստանալ, թէ արդեօք Պաքու համաձա՞յն է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ համաձայնեցուած երեք սկզբունքներուն հիման վրայ կամ ոչ։

ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ Այս առթիւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մօտ ժամանակներուն կը ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիր մը։

ԴԻՒՐԱՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Եւրոմիութիւն-Թուրքիա գաղթի եւ անվտանգութեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան ժողով:
Ալի Երլիքայա հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ վիզաներու ընթացակարգի պարզեցման սպասումը: Անգարա եւ Պրիւքսել տարբեր առաջնահերթութիւններով կ՚ընկալեն՝ 18 մարտի համաձայնութեան թարմացման խնդիրը:

ՆՈՐ ԴԱՏԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Այս օրերուն թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներուն մէջ դարձեալ ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած է՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ, որ թէեւ վերջին օրերուն բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ի մօտոյ վերստին պիտի դատուի։

ՄԱՍ ԱՌ ՄԱՍ ԲՆԱՋՆՋՈՒՄ

Աւելի քան մէկուկէս ամիս անցած է այն օրէն ի վեր, երբ Արցախի վերջին տարածքներուն խլումէն ետք, արցախցիներու բռնագաղթին զուգահեռ՝ տասնեակ մը քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ, որոնց կարգին նախկին նախագահները, գերեվարուեցան դէպի Պաքու եւ մինչեւ օրս բանտարկուած կը մնան Ալիեւի խուցերու մէջ։

Էջեր