Լրահոս

ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՕԼԱՆՏԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան նախա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ եւ­րո­պա­կան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Այս­պէս, ան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ։

ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ՓՈՐՁԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիւմ­րիի մէջ տա­րե­մու­տին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­հո­գե­բա­նա­կան եւ դա­տա­հո­գե­բու­ժա­կան հա­մա­լիր փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը ե­րէկ սկսաւ՝ քա­ղա­քին մէջ խարս­խուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­կա­յա­նէն ներս։

ՆՈՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան նո­րան­շա­նակ ղե­կա­վար դես­պան Փիո­թըր Սվի­թալս­քին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն պատ­ճէ­նը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՄԷԿ ՅԱՐԿԻ ՏԱԿ»

Հա­յաս­տա­նի Մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար կա­պե­րու ա­ջակց­ման կո­մի­տէին կող­մէ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 20-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Եր­կիր­նե­րը մէկ յար­կի տակ» տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէս-հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած է նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն մը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇՈՒԷՏ

Հա­յանս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Սթոք­հոլմ՝ Շուէ­տի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, հան­րա­յին ա­ռող­ջու­թեան եւ մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար Կապ­րիէլ Վիքշթ­րէօ­մի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԵՐՔԷԼԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան եւ Մեր­քէլ զրու­ցե­ցին սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու կա­ցու­թեան շուրջ։

ՎԱԼԵՐԻ ՓԵՐՄԵԱՔՈՎ ԱՅՍՕՐ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ

Կիւմ­րիի մէջ, ան­ցեալ Յու­նուա­րի 12-ին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դա­մը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­հո­գե­բա­նա­կան եւ դա­տա­հո­գե­բու­ժա­կան հա­մա­լիր փոր­ձա­գի­տու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այ­սօր։ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղա­կա­յուած Ռու­սաս­տա­նի զի­նուո­րա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս տե­ղի կ՚ու­նե­նայ փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ կը գտնուին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու փաս­տա­բան­նե­րը։ 

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ ՄԱԿ-ի Փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Քրիս­տոֆ Ֆրե­տե­րիք Օթ­թօ Պիէր­վիր­տի հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Ֆիր­տուս Զա­քա­րեան եւ «Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան տնօ­րէն Լե­նա Հա­լա­ճեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ «ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ» ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՀԱՄԵՐԳԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բը նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դէս ե­կաւ շքեղ հա­մեր­գով մը։ Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Ե­դուարդ Թոփ­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ե­լոյ­թը, օ­տար հե­ղի­նա­կա­ւոր արուես­տա­գէտ­նե­րու ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Էջեր