ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Մոսկուա կատարուած աշխատանքային այցելութեան եւ Ռուսաստա­
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Մոսկուա կատարուած աշխատանքային այցելութեան եւ Ռուսաստա­
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքու, ուր պիտի մասնակցի հաւաքական խումբերու նոր ուսումնամարզական կեդրոնի բացման:
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէր երէկ Եւրոխորհրդարանի առջեւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի մէջ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ եկած է ազնուութեան, միասնականութեան եւ համերաշխութեան ժամանակը։ Անդրադառնալով փախստականներու հիմնախնդիրներուն՝ Եունքէր դիտել տուաւ, թէ տարեսկիզբէն ի վեր շուրջ 500 հազար հոգի բռնած է Եւրոպա երթալու ճանապարհը։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Անգարայի մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին հետ:
Էրտողան. «Անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութիւնը չի կրնար ըլլալ մեր քիւրտ եղբայրներուն ներկայացուցիչը»:
Դէպի Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համոնտի հետ։ Ողջունելով իր հայ պաշտօնակիցը՝ Համոնտ կարեւորեց բարձր մակարդակի աշխոյժ շփումներուն շարունակականութիւնը։
«Իստոս» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած «6-7 Սեպտեմբեր 1955-ը՝ պատրիարքական լուսանկարիչ Տիմիթրիոս Քալումենոսի ոսպնեակէն» հատորը տխուր դէպքերու 60-ամեակի այս օրերուն կ՚արժանանայ յատուկ ուշադրութեան։ Լրագրող Սէրտար Քորուճուի եւ Յունաց պատրիարքարանի լուսանկարիչ Նիքոլայոս Մանկինասի համատեղ աշխատութեամբ հրատարակուած լուսանկարները առիթ կու տան նոր հայեացքով դիտելու անցեալի ողբերգութիւնը եւ տեսնելու ողբերգութեան ահաւորութիւնը։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Քոպանիէն խոյս տալով Ուրֆա ապաստանած, աւելի վերջ ալ Իսթանպուլի վրայով Երեւան ուղեւորուած Թովմասեաններու ընտանիքին անդամները արդէն աշխատանքի ձեռնարկած են՝ Հայաստանի մէջ իրենց համար նոր ապագայ մը կերտելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայի հետ։ Ողջունելով հիւրը՝ Հրանոյշ Յակոբեան Ռատոչան շնորհաւորեց նոր պաշտօնին կապակցութեամբ։ Աւելի վերջ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց ԻՒՆԻՍԷՖ-ի Հայաստանի գործունէութիւնը, որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակուի։ Ըստ Յակոբեանի, այդ գործունէութիւնը կը նպաստէ մանկական զանազան ծրագրերու արդիւնաւէտ իրականացման։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Վերջին շաբաթներու ընթացքին, Մայրիներու երկիրի երիտասարդութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ոչ թէ հրացաններու համազարկով, այլեւ իր նորահաս սերունդին հոգեկան ուժերու անսանձ խոյանքով ոտքի էր ելած, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, լիբանանեան քաղաքական հին ու կարծրացած մտայնութիւնները կործանելու եւ անոր փլատակներուն վրայ նորը, մարդկայինն ու արդարը կառուցելու: Բովանդակ Լիբանանը՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, կ՚ապրէր յեղափոխութեան ազատարար շունչով: