ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին իրականացնել իրենց հերթական հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռակողմանի այս հերթական տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիզի մէջ, այս Ուրբաթ։
Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, որ Հայաստանի նախկին վարչապետն էր, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, ֆաքիւլթէի շէնքի մուտքասրահին մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցան երեք անմոռանալի ակադեմիկոսներու՝ Հրանդ Թամրազեանի, Եդուարդ Ջրբաշեանի եւ Արսէն Տէրտէրեանի կիսանդրիները։
Թուրքիոյ սաստիկ ռմբակոծումները փոփոխութեան կ՚ենթարկեն Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին վերաբերեալ պատրաստուած երկու ամբաստանագրերուն միացման զուգահեռ նոր դատավարութեան թուականն ալ ճշդուեցաւ։
Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին դիւանագիտական երթեւեկ:
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի կարեւոր կերտիչներէն մին: