ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՄԱՀԱՑԱՒ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ցաւալի դէպքերը կը շարունակուին։ Երէկ, ժամը 13.00-ի սահմաններուն, Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մօտ, պահպանութեան տեղամասի մէջ հրացանով սպաննուեցաւ զինուոր մը՝ Դաւիթ Տէրտէրեան (1999)։
Անգարայի մէջ զինուորական ինքնաշարժներու մը վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը ունեցաւ ծանր հետեւանքներ. 28 զոհ եւ 61 վիրաւոր: Թուրքիա հերթական մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ միասնականութեամբ Էրտողան. «մեր պայքարը պիտի շարունակուի գործակատարներու եւ անոնց ետին կանգնած ուժերուն դէմ»։ Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ջնջեցին իրենց արտասահմանեան ուղեւորութիւնները։ Պէշթէփէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ այս անիծելի արարքէն վերջ։ Ընդդիմութիւնն ալ միահամուռ կը պախարակէ դէպքը։
ԵԵԽՎ-ի մօտ լարուածութիւն ծագեցաւ Մարգար Էսաեանի եւ Նայիրա Զօհրապեանի միջեւ: «Քուէարկած եմ ազատ կամքով ու պարտաւոր չեմ հաշիւ տալու», յայտնեց Իսթանպուլի երեսփոխանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի զօրակցելու համար սուրիահայութեան։ Աշխարհի ամէն կողմ հայութիւնը կը փորձէ զօրակցիլ Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով դժոխային վիճակի մը մէջ յայտնուած հայութեան։ Այս շարժումէն անմասն չեն նաեւ պոլսահայերը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր երեկոյեան կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վաղը Պաքուի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի եւ Ալիեւի գլխաւորութեամբ։