Լրահոս

ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊՈՒՔՐԷՇ ԱՅՑԵԼԵՑ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պուք­րէշ։ Պուք­րէ­շի մէջ ան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ռու­մա­նիոյ հա­յոց միու­թեան վե­րա­բաց­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

ԱՔԱՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ատր­պէյ­ճան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ատրպէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, թէ իր շփում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 5-7 Հոկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն։

ԵՈՒՐԻ ՃՈՐՔԱԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի ֆութ­պո­լի աստղ Եու­րի Ճոր­քա­եւ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ան ջերմ մթնո­լոր­տով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Մարմ­նա­մար­զի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Էմ­միեա­նի կող­մէ։

ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Նիւ Եորքի շփումները աւարտելէ վերջ Սերժ Սարգսեան անցաւ Ուաշինկթըն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ի պատիւ ընդունելութիւն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի երդիքին տակ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ գոնկրէսականներու եւ ազդու գործիչներու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ Նիւ Եոր­քի մէջ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման հանգ­րուա­նին։ Տա­վու­տօղ­լու, որ Նիւ Եոր­քի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նին հետ ալ տե­սակ­ցե­ցաւ, ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին առ­ջեւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԿՍԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ապ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Ե­րէկ այս ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցան կա­րե­ւոր նո­րու­թիւն­ներ։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ ՉԵՆ ՆԱԽԸՆՏՐԵՐ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ ԵՐԹԱԼ ԵՒՐՈՊԱ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով վտան­գա­ւոր ու­ղի­նե­րով ա­ւե­լի բա­րե­կե­ցիկ եր­կիր­նե­րու ճամ­բան բռնող սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րուն մէջ հա­յեր չկան, իսկ ե­թէ ըլ­լան ալ՝ կա­րե­լի է մատ­նե­րու վրայ հա­շո­ւել: Հայ հա­մայն­քը մին­չեւ այ­սօր կրցած է բար­ւոք ճա­նա­պարհ­նե­րով հաս­նիլ Լի­բա­նան, Հա­յաս­տան կամ այլ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ:

ՄԱՀ՝ ԺԱՆ ՏԷՐ-ՄԵՐԿԵՐԵԱՆԻ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ խոր ցա­ւով ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան, թէ 80 տա­րե­կան հա­սա­կին Մար­սէյ­լի մէջ մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ֆրան­սա­հայ յայտ­նի ջու­թա­կա­հար ու ման­կա­վարժ Ժան Տէր-Մեր­կե­րեան։ Ե­րէց սե­րուն­դէ այս ա­րուես­տա­գէ­տը Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէ­տի կո­չու­մին եւ պա­տուոյ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցած էր։

Երբ Պատ­րիար­քը Կը Մեր­ժէ Խօ­սիլ

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Պատ­մա­կան օ­րեր են Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ: Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի չոր­րորդ Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը ար­դէն կա­տա­րուած է նոր էջ մը ա­ւելց­նե­լով բազ­մա­դա­րեան Սուրբ Ա­թո­ռի՝ Մայր Ա­թո­ռի տա­րեգ­րու­թեան մէջ: Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան հետ հա­մըն­թաց կ­՚ար­ձա­նագ­րուին «յոյժ կա­րե­ւո­ր» ե­ղե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­մե­նէն ու­շագ­րա­ւը Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քին կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կա­յու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւնն է:

Էջեր