ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ղազախիստան եւ Խրղըզիստան աշխատանքի ձեռնարկած են միասնական հեռուստաալիք մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ այս չորս երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է թրքերէն միասնական հեռուստակայան մը հիմնելու ուղղութեամբ։