ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՇԱՐԺՈՅԹ
Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ Ռուսաստանի ուղղեալ շարժոյթով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Ռուսաստանի ազգային օրուան առթիւ շնորհաւորական նամակներ ուղարկեցին իրենց պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինին եւ Տիմիթրի Մետվետեւին։
Պունտեսթակի որոշման յաջորդած մթնոլորտին մէջ համայնքային շրջանակները կը ջանան կողմնորոշուիլ՝ զանազան վարկածներու քննարկումով:
Փոխ-վարչապետ Նուրետտին Ճանիքլի յայտարարեց, որ կառավարութիւնը պատրաստութիւններ յառաջ կը տանի Գերմանիոյ դէմ պատժամիջոցներու գործադրութեան համար։
Ռուսաստան աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպում կը կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է ձգտի ստեղծել ընդհանուր տնտեսական գօտի մը՝ Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոսթոք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մերքէլ այս մասին խօսեցաւ «Գերմանական ընտանեկան ընկերութիւններու օրը» խորագրեալ խորհրդաժողովին ընթացքին։
Եւրոպական երիտասարդական ֆորումի խորհուրդի անդամները վերջին օրերուն Երեւանի մէջ իրականացուցին իրենց հերթական հաւաքը։ Այս շրջագծով անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս կառոյցը Եւրոպայէ ներս երիտասարդական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան մեծ հարթակ մըն է։