ՄԱՀ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆԻ
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի կարեւոր կերտիչներէն մին:
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի կարեւոր կերտիչներէն մին:
«Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ։ Երէկ կէս գիշերէն ետք ահաբեկչական խմբաւորումներու կատարած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով փուլ եկած են երկու շէնքեր, որոնցմէ մէկուն մէջ քաղաքացի մը ծանրօրէն վիրաւորուած ու մահացած է, մինչ անոր քոյրը փոխադրուած է եւ մինչեւ այս պահը կը գտնուի հիւանդանոցային խնամքի տակ:
«100 LIVES» նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աուրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտութեան կեդրոնի սաները:
Թուրքիա շաբաթավերջի դրութեամբ սկսաւ ռմբակոծել ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ սահմանի մերձակայ դիրքերը:
Բանակը կը ջանայ Ազէզն ու մերձակայ Մինիղը զերծ պահել յարձակումներէ: Ահմէտ Տավուտօղլու աշխարհի մայրաքաղաքներուն հետ շփման մէջ:
Էլմատաղի բնակարանին մէջ սահմռկեցուցիչ յարձակման ենթարկուած Տեմիրճի ընտանիքի դէպքին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ծանօթ է, որ կազմակերպեալ կողոպուտի մը հետեւանքով մահացած էր Յակոբ Տեմիրճի, իսկ իր կողակիցը՝ Սեդա Այտա Տեմիրճի վիրաւորուած։
Հայաստանի արտաքին նախարարը հանդիպեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաքու ամէն ինչ կ՚ընէ խաթարելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը: Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ քննարկում՝ տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերուն շուրջ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս Մութաֆեան Պատրիարքի սնարը ունեցաւ այցելու մը։ Բժշկապետ Արտաշէս Աքտաղի կողմէ տրուեցան անհրաժեշտ տուեալները։ Խնամատարի նշանակման համար բացուած դատին շրջագծով դարձեալ իրերամերժ շշուկներ շրջանառութեան մէջ մտած են տիրամայր Մարի Մութաֆեանի շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատ արագ զարգացումներ կը գրանցուին սուրիական տագնապի օրագրութեան մէջ: Այսպէս, դարձեալ լոյսին կը բերուի Հալէպ քաղաքը:
Արցախի մէջ նախընթաց օր Ատրպէյճանի կողմէ դիպուկահարի մը բացած կրակին զոհ գնաց խաղաղ քաղաքացի մը՝ Յակոբ Համբարձումեան (1962)։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Քաթարի Էմիրը: Միւնիխի մէջ համաձայնութիւն մը գոյացած է Սուրիայէ ներս բռնութեան դադրեցման համար Թուրքիա արդար խաղաղութեան հաստատումը կախեալ կը համարէ Ռուսաստանէն: