ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
«The Wall Street Journal» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթը վերջերս տեղեկացուց, թէ ՆԱԹՕ կը ծրագրէ ստեղծել լրաքաղութեան բաժանմունք մը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է դիմադրել ահաբեկչական սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւրացնել լրաքաղութեան տուեալներու փոխանակումները։
Ամերիկահայ համայնքի յառաջատար դէմքերէն մին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նուպար Աֆէեան ընտրուեցաւ Մասաչուսեցի Փորձագիտութեան կաճառի (MIT) հոգաբարձուներու խորհուրդի անգամ։ 1 Յուլիս 2016-ի դրութեամբ ան պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի՝ հինգ տարուան ժամկէտով։
Մերքէլ էրտողանի յայտարարութիւններուն պատասխանեց Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի նախկին անդամուհիներէն Փրլանթի Սարաֆեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս մեծ համակրանքի առարկայ դարձած տիպար ընտանեկան մայր մըն էր հանգուցեալը։
Հայաստան-Չեխիա փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն:
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան ընթացքին ան բանակցութիւններ վարեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։

Վեզնեճիլէրի մեթրոյի կայարանին մօտ այս առաւօտեան ժամերուն ոստիկանական ինքնաշարժ մը յարձակման ենթարկուեցաւ: