ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս Երկուշաբթի պիտի սկսի Հայկական գրադարաններու միջազգային չորրորդ համաժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ համաժողովին հանդիսաւոր բացումը։
Սուրիոյ դժոխքէն խոյս տալով Գալուստեաններու ընտանիքը երէկ հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը՝ գերադասելով անվտանգութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն առաջին գագաթաժողովը՝ համաեւրոպական մակարդակով:
Արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկաւ ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին ընթացքին:
Երեւանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ պիտի գումարուի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։
Քուէյթահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան հարցազրոյց մը տուաւ «Արեւելք» կայքէջին։ Ան սերտ կապեր մշակած է նաեւ Հայաստանի հետ եւ այդ փորձառութիւնը առաւել յատկանշական կը դարձնէ իր խորհրդածութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցը։
Yerevan Jazz Fest-ի այս տարուան փառատօնը նուիրուած է անուանի ամերիկահայ երաժիշտ, «Կրեմմի» մրցանակի դափնեկիր Ճորճ Աւագեանին, որ կը համարուի ամերիկեան ճազ արհեստի հիմնադիրը: