ԱՆՃԷՅ ԿԱՍՊՐՉԻԿ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ շփումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Կասպրչիկ ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի կողմէ։