ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի տեսակցին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ շարունակելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ քննարկումները։
Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած նախագահներու հանդիպման ընդառաջ:
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսաստանի օրուան կապակցութեամբ ուղարկուած շնորհաւորականներուն, որոնց արտասովոր իմաստ մը վերագրուեցաւ կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան բերումով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Օսլոյի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի մէջ կորսուած կամ ձերբակալուած ամերիկացիներու հարցերը եւ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի իրականացումը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի իր նախաձեռնութիւնը: