Լրահոս

ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱ՞Յ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ այ­ցե­լեց Պա­քու, ուր շփում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։

ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՄԱՀԱՑԱՒ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ցա­ւա­լի դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, ժա­մը 13.00-ի սահ­ման­նե­րուն, Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մօտ, պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սի մէջ հրա­ցա­նով սպան­նուե­ցաւ զի­նուոր մը՝ Դա­ւիթ Տէր­տէ­րեան (1999)։

ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ՊԱՅԹՈՒՄ

Անգարայի մէջ զինուորական ինքնաշարժներու մը վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը ունեցաւ ծանր հետեւանքներ. 28 զոհ եւ 61 վիրաւոր: Թուրքիա հերթական մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ միասնականութեամբ Էրտողան. «մեր պայքարը պիտի շարունակուի գործակատարներու եւ անոնց ետին կանգնած ուժերուն դէմ»։ Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ջնջեցին իրենց արտասահմանեան ուղեւորութիւնները։ Պէշթէփէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ այս անիծելի արարքէն վերջ։  Ընդդիմութիւնն ալ միահամուռ կը պախարակէ դէպքը։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

​Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ 95 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) նախաձեռնութեամբ այս շրջանին օժանդակութեան արշաւ մը կազմակերպուած է ի նպաստ սուրիահայութեան։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՆՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նի զօ­րակ­ցե­լու հա­մար սու­րիա­հա­յու­թեան։ Աշ­խար­հի ա­մէն կողմ հա­յու­թիւ­նը կը փոր­ձէ զօ­րակ­ցիլ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով դժոխ­ա­յին վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուած հա­յու­թեան։ Այս շար­ժու­մէն ան­մասն չեն նաեւ պոլ­սա­հա­յե­րը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր ե­րե­կո­յեան կ՚ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Պա­քու, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Վա­ղը Պա­քուի մէջ նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Էջեր