ԱՆԳԼԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրի նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր առաջնորդ Թերեզա Մէյին։ Այս վերջինը դարձած է Մարկրիթ Թեչըրէ քսանհինգ տարի վերջ անգլիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած իգական սեռէ առաջին գործիչը։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ին մէջ հանդէս գալու համար։
Գոց շուկայի մէջ սկիզբ առած է վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիր մը։ Երէկ արդէն այդ գործընթացին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ։
Հայկական արդի երաժշտութեան եզակի խումբերէն «Զուլալ» եռեակը ելոյթ մը պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Ժան-Մարք Էյրօ տեսակցեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ամենակարեւորը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղ դուրս ըլլայ Ատրպէյճանի կազմէն»:
Խորհրդարանի մէջ Ալա յայտնեց, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը գաղթականներու տեղակայուած շրջաններէն ներս տարած է ծաւալուն աշխատանք։ Թղթածրար առ թղթածրար Թուրքիա ուսումնասիրած է կացութիւնը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եթովպիոյ նորանշանակ դեսպան Կրում Ապայ Թեշոմէնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։