ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ՊԱՅԹՈՒՄ
Էլազըղի մէջ այս առաւօտ պատահեցաւ սաստիկ պայթում մը։ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ դէպքը պատահեցաւ քաղաքի Անվտանգութեան տնօրէնութեան շէնքին առջեւ։ Պայթումէն անմիջապէս վերջ շտապօգնութեան բազմաթիւ ինքնաշարժներ ուղարկուեցան դէպքի վայր։
Ռիոյի Ողիմպիականներուն շրջագծով հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ պատմական արդիւնք:
ՃՀՓ-ական երկու երեսփոխաններ՝ Փոխ-կուսակցապետ Զէյնէպ Ալթըօք (Իզմիր) եւ Սելինա Տողան (Իսթանպուլ) նամակ մը գրեցին Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղին։ Այդ առթիւ անոնք ուշադրութիւն հրաւիրեցին երկրէն ներս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ատելութեան արձանագրած վերելքին վրայ եւ կոչ ուղղեցին զգայնութեան համար։
Փութին շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարպայեւին՝ Անգարա-Մոսկուա տագնապի յաղթահարման բերած կարեւոր նպաստին համար:
Դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կատարուած նշանակումներուն վերաբերեալ որոշմնագիրը հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին, միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Մեմպիչ քաղաքը վերջերս ազատագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։