ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԵԱԼ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան (CIA) կողմէ վերջերս գաղտնազերծուեցան կարգ մը փաստաթուղթեր, որոնք արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։ «Սապահ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ CIA-ի այդ փաստաթուղթերուն մէջ ապացոյցներ կան ՓՔՔ-ի եւ ԱՍԱԼԱ-ի համագործակցութեան մասին։

Լիբանանի նորընտիր ողիմպիական կոմիտէն գումարեց իր անդրանիկ ժողովը՝ ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն:
Գրիչներու եւ գրենական պիտոյքներու արտադրութեամբ զբաղող National Pen ընկերութեան մասնագէտները վերլուծած են Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ձեռագիրը ու մի քանի ուշագրաւ փաստ պարզած՝ անոր մասին:
Ըստ The Daily Mail-ի, ձեռագրի վերլուծութիւնը (grafoloji), հնարաւորութիւն կու տայ տուեալ անձի բնաւորութեան ու առողջութեան վերաբերեալ աւելի քան հինգ հազար մանրամասնութիւններ երեւան հանել:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան անցեալ դիւանագիտական տարին ամփոփելով՝ քննադատութիւններ հասցէագրեց Պաքուին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս պայմանագրերու ստորագրման արարողութիւն:
Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ «Զարթօնք»ի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան եւ օրաթերթի պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ մտաւորական ընտրանիի մը:
Լիբանանահայ ներդրողները կը ցանկան Հայաստանի մէջ տնային հիւսուածքի (home textile)՝ սրբիչներու, անձեռոցի արտադրութիւն հիմնել: Հայաստանի Տնտեսութեան զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, Յունուարի 27-ին, հանդիպած է լիբանանահայ Նազարեաններու ընտանիքին հետ: