ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ
Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած համերգը վերջերս կայացաւ Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Համերգը կը կրէր «Սիրուած երգեր» խորագիրը։
Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակին նուիրուած միջազգային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Սարգսեանց «Արմէնփրէս» գործակալութեան թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ անձամբ չէ ճանչցած Առնօ Բաբաջանեանը։

Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակի մէջ Փետրուարին կ բացուի Body The Exhibition ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է մարդկային մարմնին: Ցուցահանդէսը կը ներառնէ քսան մարմին եւ մարդկային մարմնի մասերէն ստեղծուած երեք հարիւր ցուցանմոյշ:
Շուայտ ապրելակերպի խորհրդանիշ համարուող Տուպայիի մէջ կ՚իրականացուի հերթական յաւակնոտ նախագիծ մը, որու շրջանակներէն ներս կը կառուցուի տարածքաշրջանի խոշորագոյն զբօսանաւերու նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ ամենագեղեցիկ փարոսներէն մէկը:
«Անկարելի է որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը՝ առանց իր իսկ մասնակցութեան»:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տարեկան հաւաքոյթ:
Փետրուար 21-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի UNESCO-ի եւ Հայոց պետութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի օր» տօնը, որուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Իմ քաղցր լեզու» նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ։ Լաւագոյն շարադրութիւնները պիտի խրախուսուին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն:
Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը: